Կիրակի, 05. 05. 2024

spot_img

Պարսկաստանի Գեղեցկուհի Արքայադուստրերը…

       

Ֆաթեմէհ Խանում Էսմաթ ալՏաուլեհ              Զահրա Խանում կամ՝ Թաճ ալՍալթանէհ

 

Գեղեցկութիւնը բան մըն է, որ իւրաքանչիւր կին կը փափաքի ունենալ. ոմանք, նոյնիսկ, վիրահատութեան կը դիմեն՝ գրաւիչ եւ հմայիչ տեսք ունենալու համար: Գե-ժղեցկութեան չափանիշը տարբեր է տարբեր մարդոց համար: Ոմանք կը համարեն, թէ կինը գեղեցիկ է, եթէ ան ունի լեցուն մարմին, իսկ ոմանց համար` նիհար եւ բարակ մարմինով կինը նախընտրելի է: Ամբողջ աշխարհի տարածքին գեղեցկութեան սահմանումն ու չափանիշները մշտապէս կը զարգանան եւ միշտ փոփոխութեան կ’ենթարկուին՝ ժամանակի փոփոխութիւններուն զուգահեռաբար:

Այս աշխարհին վրայ աւելի քան 7.8 միլիառ (երկիլիոն) մարդ կ’ապրի, եւ իւրաքանչիւր երկիր ունի գեղեցիկի իր չափանիշը:

Եթէ ձեզի հարց տան, թէ ո՞րն է կնոջ իրական գեղեցկութիւնը…դժուար թէ պատասխանէք՝ պեխերն ու թաւ՝ այր մարդուն վայել յօնքերը: Իսկ, ահա, ժամանակին գո-յութիւն ունէին երկու արքայադուստրեր, որոնք փոխեցին գեղեցիկի սահմանումը: Անոնք ինքզինքնին սովամահ չէին ըներ եւ ունէին պեխեր ու արտակարգ թաւ յօնքեր:

Այսօր պիտի ծանօթանանք երկու կիներու հետ, որոնք վերը ըսուածին կատարեալ օրինակներն են:

 

Արքայադուստր Ֆաթեմէհ Խանում Էսմաթ ալՏաուլեհ (1855/6-1905): Գրուած է. «Նասր ալ-Տին Շահ Քաճարի դուստր Էսմաթ-Տաուլեհ, Տաստ Մուհամմատ խան Մուայէյր ալ-Մամլիկի կինը», եւ թուագրուած է՝ 19-րդ դարու կէսեր / վերջ:

Յաջորդը՝ «Արքայադուստր Զահրա Խանում կամ՝ Թաճ ալՍալթանէհ (1883–1936): Նասր ալ-Տին Շահ Քաճարի 12-րդ դուստրը եւ Էսմաթի խորթ քոյրը»:

Նախ քանի մը խօսք արքայադուստրերու հայրիկի մասին: Նասր ալ-Տին Շահ Քաճարը Պարսկաստանի թագաւորն էր. երրորդ ամենաերկար եւ ամենահզօր կառա-վարիչներէն մէկը, որ ղեկավարեց երկիրը 48 տարի՝ 1848-1896 թթ: Թէեւ ան թագա-ւոր էր, սակայն յարգուած չէր տեղի ցեղային եւ կրօնական առաջնորդներու կող-մէն, որոնք անոր սահմանած կանոններուն եւ օրէնքներուն չէին հնազանդիր:

Ան պարսիկ առաջին ժամանակակից միապետն էր, որ պաշտօնապէս Եւրոպա այցե-լեց 1873, 1879 եւ 1889 թուականներուն: Ան շատ խելամիտ եւ զարգացած անձնաւորութիւն մըն էր: Տաղանդաւոր նկարիչ եւ գրող, հետաքրքրուած էր պատմութեամբ եւ աշխարհագրութեամբ:

Նասր ալ-Տին թագաւորը փորձեց փոխել կանանց գեղեցկութեան կարծրատիպերը: Ան համոզուած էր որ կանայք գեղե-ցիկ եւ գրաւիչ տեսք ունենալու համար պարտադիր չէ բարակ կազմուածք, հարթ մաշկ եւ գունատ տեսք ունենան: Թագա-ւորը շատ կը սիրէր գեղեցիկ կանանց. ան այդ ժամանակ ամե-նամեծ հարեմը ունէր. հարեմի մէկ այլ տեսակ՝ պեխեր կամ դէմքին մազեր ունեցող 100 կիներէ բաղկացած: 

Արդեօ՞ք ատիկա աւանդոյթ էր, թէ՞ պարզապէս Նասր թագաւորին նախասիրութիւնը: Ինչեւէ՝ իւրաքանչիւր մարդ գեղե-ցիկի մասին իր ճաշակը ունի:

Թագաւորն ունէր նաեւ անմիջականօրէն հարեմի պատմութեանն առնչուող մէկ այլ չափազանց մեծ հետաքրքրութիւն՝ լուսանկարչութիւնը: Անգլիա կատարած այցերու ընթացքին ան առիթը ունեցաւ մանրամասն ծանօթանալու եւ հասկնալու լուսանկարչական գործընթացը: Ապա հարկ համարեց, որ լուսանկարչութիւնը տարածում ստանայ իր հայրենիքին մէջ եւ հիմնեց առաջին լուսանկարչական արուեստանոցը Պարսկաստանի մէջ, որ կը գտնուէր Կոլեստան պալատէն ներս:

Նկարներէն քանի մը հատին մէջ կիները պալէի պարուհիի նմանող հագուստներ հագած են, ինչը պէտք է որ անսովոր ըլլար պարսկական սովորոյթներուն. սակայն ատիկա իր բացատրութիւնն ունի:

1873-ին Նասր թագաւորը այցելեց Սանքթ Փիթերսպուրկ, եւ Ալեքսանդր II-ի հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ պալէի ներկայացման, որ մեծ տպաւորութիւն ձգեց իր վրայ: Տուն վերադառնալով, ան պալէի գոյութեան մասին տեղեկացուց իր հարեմին եւ ցանկացաւ որ կիներէն ոմանք կրեն պալէին յարմարեցուած հագուստներ:

Բոլոր պատկերները թագաւորը կը պահէր մասնաւոր ալպոմներու մէջ, որոնք մինչեւ այժմ կը գտնուին թանգարանի վերածուած Կոլեստանի պալատին մէջ:

Անտեսելով իր ժողովուրդի դժգոհութիւնը, ան միեւնոյն է կարգ մը խոշոր բարեփոխումներ կատարեց, ինչպիսիք են՝ ճանապարհներ, հեռագրային եւ նամակատնային ծառայութիւններ կառուցելը եւ զինուած ուժերու քանակի յաւելումը:

Նասր ալ-Տին Շահը սպաննուեցաւ Շահ-Ապտըլ-Ազիմի սրբավայրին մէջ աղօթելու պահուն:

Վերադառնանք արքայադուստրերու պատմութեան. պատմութիւն, որուն հիմքը կը կազմէ երկու պարսիկ արքայադուստրերու պատմութիւնը, որոնք կը մերժէին իրենց ժամանակի՝ կանանց համար սահմանուած անընդունելի չափանիշները:

Արքայադուստր Ֆաթեմէհ Խանում Էսմաթ ալՏաուլէն Պարսկաստանի Նասր ալ-Տին Քաճար թագաւորի եւ անոր կիներէն մէկու՝ Թաճ ալ-Տաուլէի դուստրն էր:

Անոր գեղեցկութիւնն, անշուշտ, չի համապատասխաներ այսօրուան գեղեցկութեան չափանիշներուն, սակայն Էսմաթը՝ իր ժամանակի համար բացառութիւն չէր: Կը պարզուի որ այդ ժամանակաշրջանին Պարսկաստանի մէջ գեղեցիկ կը համարուէին պեխերով կիները: Այդ մասին կը տեղեկանանք Հարվըրտի համալսարանի Դոկտոր Նաճմապատիի գիրքէն՝ «Պեխերով Կիներ Եւ Անմօրուք Այրեր. Սեռային եւ Իրանական Արդի Սեռական Անհանգստութիւններ» (Women with Mustaches and Men without Beards: Gender and Sexual Anxieties of Iranian Modernity):

 Էսմաթին անանուն ձգելով` միայն ընդհանուր կոչած են՝ «Արքայադուստր Քաճար»:

Արքայադուստր Ֆաթեմէհը Քաճար տոհմի ամենաազդեցիկ եւ զօրաւոր կիներէն մէկն էր: Ան Նասր թագաւորի հարեմի ամենաշատ լուսանկարուած կիներէն էր, եւ իր լուսանկարներու մեծ մասը կատարուած է իր իսկ ամուսնոյն ձեռքով:

 

Որպէս Նասր ալ-Տին Շահ Քաճարի երկրորդ դուստր ՝ Էսմաթին հայրը կը վստահէր եւ անոր յանձարարած էր արտասահմանցի կին հիւրերը արքունի մէջ ընդունելու պարտականութիւնը: Էսմաթը անչափ համարձակ կին էր, եւ չհնազանդելով տիրող աւանդոյթին, սորվեցաւ դաշնակ նուագել եւ լուսանկարել ու իր տունին մէջ իր անձնական սթուտիոն հիմնեց: Էսմաթը իրաւասու եւ բաւականին գործունեայ կին էր:

Արուեստի պատմաբան, դոկտոր Սթէյսի Շէյվիլէրը կը պնդէ, որ Նասր ալ-Տին Շահ Քաճարի հարեմի կանանց լուսանկարները ապացոյցն են Պարսկասատանի մէջ այդ ժամանակաշրջանին կանանց յեղափոխական գիտակցութեան զարգացման եւ Էսմաթի լուսանկարները ընկերային եւ մշակութային յեղափոխութեան կեդրոնն ու առաջնագիծը կը կազմեն:

Մինչ արքայադուստր Էսմաթը մարտահրաւէր կը նետէր աւանդոյթներուն եւ կ’ազդէր իր հօրը վրայ՝ որոշումներ կայացնելու ուղղութեամբ, Քաճար տոհմի մէկ այլ արքայադուստր հիմնովին կը փոխէր պարսիկ կանանց պատմութիւնը:

Եւ ատիկա Քաճար տոհմի միւս իշխանուհին էր, որ թիւրիմացաբար նոյնացուած է  առաջինին հետ՝ նոյն «Արքայադուստր Քաճար» անուանման պատճառով:

Արքայադուստր Զահրա Խանում՝ Թաճ Սալթանէհ կամ Թաճ ալՍալաթանէհը ծնած է 1883-ի 25 Յունուարին: Քաճար արքայական ցեղի յուշագրողը՝ Նասր Էլ-Տին Շահի 12-րդ դուստրը (մայրը՝ Թուրան ալ-Սալթանէհ) եւ Էսմաթի խորթ քոյրը:

Իր ժամանակի գեղեցկութեան եւ կատարելութեան խորհրդանիշը կը համարուէր Թաճ Սալթանէհը:

Անշուշտ, դիտելով արքայադստեր պատկերները եւ համեմատելով ժամանակակից գեղեցկուհիներու հետ, զարմանալ կարելի է, թէ ինչո՞ւ ան գեղեցկութեան խորհրդանիշ ընդունուած է՝ իր իւրօրինակ թաւ յօնքերով, այր մարդու պեխերով եւ բաւականին կլորիկ մարմինով:

Սակայն ա՛լ աւելի զարմանալի է որ այս կինն իր կեանքի ընթացքին աւելի քան 100 սիրեկան ունեցած է, եւ բարձր ազնուական տոհմերէն՝ 145 թեկնածու փեսացուներ: Եւ ամէնէն զարմանալին այն է որ այդ թեկնածուներէն 13-ը անձնասպան եղած են, երբ արքայադուստրը մերժած է անոնց ամուսնութեան առաջարկը:

        

Սակայն անոր ձեռք բերած յաջողութիւնները արդիւնք չէին գեղեցկութեան հաստատուն չափանիշներէն հեռու ըլլալուն: Ան եւ իր քոյրը արժանիքներ ունեցող կանայք էին:  

Նշենք որ Թաճն իր քրոջմէ շատ աւելի համարձակ եւ գործունեայ էր. այնպիսի բաներ կ’ընէր, որոնց մասին ոչ մէկ կին կը համարձակէր մտածել անգամ:

Արքայադուստրը կ’աջակցէր Պարսկաստանի մշակութային եւ սահմանադրական յեղափոխութեանը: Ան կը պայքարէր կանանց իրաւունքներու համար եւ կը համարուի իսլամական աշխարհի կանանց իրաւունքներու առաջին ջատագովը:

Ան եղած է «Իրանի Թաքուն Կանանց Իրաւունքներ» խումբի կամ Anjoman Horriyyat Nsevan՝ «Կանանց Ազատութեան Խմբակցութիւն»-ի հիմնադիր անդամներէն մէկը, 1910 թուականէն: Ան գաղտնի կը կազմակերպէր եւ կը յաճախէր կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան թաքուն հաւաքներուն՝ իր երեխաներուն եւ թոռներուն ըսելով, թէ կ’երթայ կրօնական նստաշրջաններու մասնակցելու:

Սալթանէհը նաեւ գրող էր, շատ լաւ նկարիչ, մտաւորական (եղած է իր ժամանակի առաջին պարսիկ կին բանաստեղծուհին) եւ գործունեայ, որ շաբաթը մէկ անգամ իր տունին մէջ գրական հանդիպումներ կը կազմակերպէր: Ան կը տիրապետէր նաեւ արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն եւ ջութակ կը նուագէր:

Սալթանէհը արքունի առաջին կինն էր, որ հանեց հիճապը (hijab) եւ արեւմտեան հագուստ հագուեցաւ: Նաեւ առաջինը, որ յուշագրեր գրեց եւ քննադատեց Իրանի բազմաթիւ հիմնախնդիրներ, ինչպէս օրինակ՝ աղքատութիւնը, զանգուածային կրթութեան եւ կրթութեան ոլորտի անբաւարարութիւնը եւ այլն: Ան դարձաւ իր ժամանակի առաջին լուսաւոր եւ առաջադէմ պարսկուհիներէն մէկը, առաջ անցնելով իր ապրած ժամանակաշրջանէն:

Արքայադուստրն ամուսնացած էր Սարդար Ամիր Հուսէյն Խան Շոճա ալ-Սալթանէհի՝ ազնուատոհմ եւ պաշտպանութեան նախարար Շոջահ ալ-Սալթանէհի որդւոյն հետ: Անոնք 4 երեխայ ունէին՝ երկու դուստր եւ երկու որդի, սակայն տարիներ անց Թաճը ամուսնալուծուեցաւ՝ կոտրելով բոլոր կարծրատիպերը եւ դառնալով թագաւորական ընտանիքի առաջին կիներէն մէկը, որ ամուսնալուծուեցաւ: Այդ տարիներուն ամուսնալուծութիւնն ամօթալի եւ անընդունելի կը համարուէր պարսկական հասարակութեան մէջ:

Աւելի ուշ Սալթանէհը դարձաւ պարսիկ բանաստեղծ Արէֆ Քազվինիի մուսան, որ իր համար գրեց «Էյ Թաճ» բանաստեղծութիւնը:

Յետագայ տարիներուն ան իր կեանքը նուիրեց իր սիրելի թոռնիկ Թաճ Իրանին գրել-կարդալ սորվեցնելուն եւ մեծցնելուն, որուն հետ առանձնայատուկ կապով կապուած էր:Մինչեւ իր մահը անիկա ապրեցաւ իր դստեր` Թուրան Տուլեհին հետ:

Սալթանէհը մահացաւ 1936թ. Յունուար 25-ին՝ 53 տարեկանին. թաղուած է Թաճրիշի Զահիր օտ-Տաուլեհ գերեզմանատանը: Անոր կեանքն ու գրութիւնները եւ կա-նանց իրաւունքներու պաշտպանի իր ունեցած դերը՝ իբրեւ Միջին Արեւելքի ուսում-նասիրութիւններու նիւթեր կը դասաւանդուին Թեհրանէն մինչեւ Հարվըրտի համալսարանները:

2015-ին Հարվըրտի համալսարանը անոր սերունդներէն ձեռք բերաւ ընտանեկան լուսանկարներ, գրութիւններ եւ պատմութիւններ՝ Թաճ Սալթանէհի կեանքի մասին:

Անոր յուշերը տպագրուած են “Crowning Anguish: Memoirs of a Persian Princess from the Harem to Modernity 1884–1914 “ խորագրով, եւ յուշերու ձեռագիրը կը պահուի Իրանի Ազգային Գրադարանին մէջ:

Չնայած Թաճ-ալ-Սալթանէհի յուշերը գրուած է 1914 -ին, սակայն չէ տպագրուած մինչեւ 1983 թուականը: Այս առաջին տարբերակը, որ իր մէջ կը պարունակէ նշանաւոր գիտնական Մանսուրէ Էթթեհատիէի եւ Սիրուս Սաատվանդեանի նախաբանը, հիմնուած էր Ռահմաթ-օլլահ Տաիի Թալեքանիի` Իրանի մէջ Աֆղանիստանի դեսպանութեան սպասաւորի ունեցած՝ Թաճ-ալ-Սալթանէհի բնօրինակ ձեռագիրի վրայ:

Թաճի յիշողութիւնները ցոյց կու տան որ ան ծանօթ էր երաժշտութեան եւ նկարչութեան արուեստներուն, ֆրանսական պատմութեանն ու գրականութեանը: Իրա-դարձութիւններու, վայրերու եւ մարդոց վարքային յատկութիւններու մանրամասն նկարագրութիւններով` Թաճ-ալ-Սալթանէի գրելու ոճը կը յիշեցնէ 19-րդ դարու ֆրանսացի գրողներուն: Անոր յիշողութիւնները, որ կը պատկերեն հարեմէն մինչեւ ժամանակակից կեանքի (1884-1914) բուռն բախումները՝ անձնական եւ հանրային աշխարհի, անհատական ​եւ հաւաքական յիշողութիւններու խառնուրդ մըն է:

Ահա թէ ինչ կը գրէ ան հօրը սպանութենէն յետոյ իր զգացած ցաւերու, իր մեծ տառապանքի մասին. «Իւրաքանչիւր դուստր իրաւունք ունի խօսիլ իր ցաւէն եւ տառապանքէն՝ հօրը մահուընէ յետոյ: Ես կը ցաւիմ հօրս սպանութեան համար նոյն-քան, որքան ցանկացած դուստր՝ իր հօրը մահէն վերջ: Բայց ես աւելի շատ կը տանջուիմ, եւ սիրտս կ’արիւնահոսի այս ջուրի, այս հողի, իմ հայրենիքիս համար, որ իմ տունն է՝  որուն մէջ ես մեծցած եմ: Այս պահուս, երբ ես կը գրեմ այս բառերը, կը զգամ, թէ տգիտութեան վարագոյրը տեղափոխուած է աչքերուս դիմաց. Անցեալի իրադարձութիւնները արագօրէն միտքէս կը սահին: Աւա՜ղ: Երկիրը եւ ժողովուրդը մէկ մարդու ագահութեան զոհը դարձած են»:

Քաճար քոյրերը գեղեցկութեան խորհրդանիշ չէին համարուէր իրենց պեխերու կամ թաւ յօնքերու համար, այլ՝ համարձակութեան, խելացիութեան, գործունեայ ըլլալու եւ Պարսկաստանի մէջ կանանց իրաւունքներու համար պայքարի հիմնասիւնը հանդիսանալուն համար:

Արքայադուստրերու պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ կինը գեղեցիկ չէ միայն նուրբ կազմուածք եւ գեղեցիկ դէմք ունենալով: Գեղեցկութիւնն այն է, ինչ դուն կը զգաս ներսէն: Գեղեցկութիւնն այն չէ միայն, ինչ տեսանելի է աչքերուն. աւելի կարեւոր է ներքին՝ հոգեւոր գեղեցկութիւնը:

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին